2014-09-21 08:30:13

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորրորդ միջազգային Ճամբորդութիւնը` Ալպանիա։


''Ոչ մէկը կրօնը թող օգտագործէ իր անձնական շահերուն համար'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը Ալպնաիայի Քաղաքական իշխանութիւններուն ուղղած իր խօսքին մէջ։

Կիրակի, 21 սեպտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 7,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի Ֆիումիչինոյ միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ դէպի Ալպանիայի մայրաքաղաք` Թիրանա, ուր ժամանեց տեղական ժամանակացոյցով ժամը 9-ին Թիրանայի Մայր Թերեզա օդակայան եւ ուր զինք դիմաւորեցին Ալպանիայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ռամիրօ Մոլինէր եւ Ալպանիայի վարչապետ` Տիար Էտի Ռամա ու այլ կառավարական եւ եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։
Սոյն ճամբորդութիւնը կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կատարած չորրորդ առաքելական միջազգային ճամբորդութիւնը եւ առաջինը որ կը կատարէ եւրոպական մէկ երկրին։ Առաքելական Ճամաբորդութեան բնաբանն է ''Աստուծոյ հետ միասին դէպի չվհատող յոյս։''
Թիրանայի օդակայանէն,Նորին Սրբութիւնը, առաքելական ճամբորդութեան իրեն ընկերացող շքախումբով, ուղղուեցաւ Թիրանայի նախագահական պալատ, ուր տեղի ունեցաւ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւնը ու ապա պաշտօնական հանդիպում Ալպանիայի նախագահ` Տիար Պուժար Նիշանին հետ որմէ ետք Ալպանիայի նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապը առաջնորդեց պալատի ''Սքանտէրպէրկ'' դահլիճը, ուր Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ երկրին քաղաքական իշխանութիւններուն հետ։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ գոհունակութիւն յայտնեց հանդիպումին համար, ''Ալպանիայի ազնիւ հողին վրայ, հերոսներու երկիրը, որոնք իրենց կեանքը զոհեցին իրենց երկրին անկախութեան համար, եւ մարտիրոսներուն երկիրը, որոնք իրենց հաւատքը վկայեցին հալածանքներու դժուար տարիներուն''։
Սրբազան Հայրը հուսկ ակնարկեց Ալպանիայի դէպի ազատութեան տանող ուղեւորութեան 25 տարիներուն, որոնք յառաջացուցին նիւթական եւ հոգեւոր վերակառուցում։
''Մարդու իրաւունքներու յարգանքը, որուն ծիրէն ներս յատկանշական է կրօնի ազատութիւնը ու մտքի ազատ արտայայտութիւնը, նախապայման մըն է երկրի մը ընկերային եւ տնտեսական զարգացումին։ Երբ Մարդու արժանաւորութիւնը յարգուած է ու անոր իրաւունքները ճանչցուած եւ ապահովուած են, կը ծաղկին ստեղծագործութիւնն ու հնարամիտութիւնը ու մարդը կարող կ՛ըլլայ իրականացնել հասարակաց բարիքի ի սպաս իր բազմաթիւ նախաձեռնութիւնները'' հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը ու ապա ընգծեց Ալպանիայի մէկ կարեւոր իւրայատկութիւնը` ''խաղաղ համակեցութիւն եւ համագործակցութիւն զանազան կրօններու միջեւ'', մատնանշելով թէ այս մէկը Երկրին համար կը ներկայացնէ արժէքաւոր բարիք մը եւ ունի յատուկ նշանակութիւն ժամանակաշրջանի մը մէջ ուր կրօնի ճշմարիտ իմաստը խեղաթիւրուած է ծայրայեղական խմբակներու կողմէ, որոնք կրօնական զգացումը կը շահագործեն զայն դարձնելով հակամարտութեան եւ բռնութեան վտանգաւոր գործօն, փոխանակ զայն օգտագործելու որպէս երկխօսութեան բաց եւ յարգալիր ու միասնական խորհրդածութեան առիթ մը, հասկնալու թէ ի՞նչ ըսել է հաւատալ Աստուծոյ ու հետեւիլ անոր պատուէրներուն։
Այն ինչ որ կը պատահի Ալպանիայի մէջ փաստ մըն է թէ զանազան կրօններու պատկանող անհատներու եւ հասարակութիւններու մէջեւ խաղաղ ու պտաղբեր համակեցութիւնը ոչ միայն ցանկալի է, այլեւ գործնականօրէն հնարաւոր եւ իրագործելի – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդգծելով թէ զանազան կրօններու միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը թանկարժէք բարիք մըն է ի սպաս խաղաղութեան եւ ժողովուրդին ներդաշնակ զարգացումին, որ պէտք է ամէն օր պաշտպանել ու զարգացնել, դաստիարակութեան եւ կազմաւորումի ճանապարհով։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա վերյիշեց բռնատիրութեան եւ հալածանքներու շրջանը, որոնք պսակուեցան ''ազատութեան գարունով'', որ օժանդակեց ընդհանուր պայմաններու բարելաւումին։ Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց` հալածանքներէն ետք Եկեղեցւոյ բնականոն կեանքին եւ սրբավայրերու ու եկեղեցներու վերակառուցումին, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան ոչ միայն կաթողիկէ հասարակութեան այլ համայն ալպանացի ազգին։ Այս առընչութեամբ Սրբազան Հայրը մատնանշեց Երանելի Մայր Թերերզայի եւ ալպանացի բազմաթիւ մարտիրոսներու հաւատքի վկայութեան ու ապա ակնարկեց ''նոր մարտահրաւէրներուն որոնք կարիքը ունին պատասխաններու''։ Սրբազան Հայրը շեշտեց թէ որեւէ զարգացում վաւերական չէ եթէ նկատի չառներ նաեւ աղքատներու իրաւունքը եւ չի յարգեր շրջակայ միջավայրը։
Շուկաներու աշխարհականացումին պէտք է համապատասխանէ զօրակցութեան աշխարհականացում, տնտեսական աճին պէտք է ընկերանայ արարաչագործութեան յարգանք եւ անհատական իրաւունքներուն հետ միասին պէտք է պաշպանուին նաեւ Պետութեան եւ անհատի միջեւ գտնուող իրողութիւնները ու անոնցմէ առաջինը` Ընտանքիը։
Ալպանիան այսօր կարող է այս բոլոր մարտահրաւէրները դիմագրաւել, ազատութեան եւ կայունութեան շրջագիծէն ներս, որոնք ապագայի համար յոյս կը ներշնչեն – ըսաւ Ֆրանչիսոս Պապը ու խօսքը եզրափակեց Ալպանիայի վրայ հայցելով Մարիամի` բարի խորհուրդի Տիրամօր Հովանին, անոր յանձնելով Ալպանացի ժողովուրդին բոլոր յոյսերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.